«Դրօշակ» պաշտօնաթերթն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Սկսած է հրատարակուիլ 1890-ին, Թիֆլիսի մէջ, նոյնինքն կուսակցութեան հիմնադիր Քրիստափորի խմբագրութեամբ: Ցարական իշխանութեանց կողմէ հալածանքի պայմաններուն մէջ, Թիֆլիսի մէջ պարբերաբար քանի մը համարներու անկանոն հրատարակութենէն ետք, Քրիստափոր թերթը տեղափոխած է նախ Պալքաններ, ապա՝ վերջնականապէս Ժընեւ, ուր անխափան եւ կանոնաւոր պարբերականութեամբ (երկամսեայ, նաեւ՝ ամսական, երկշաբաթեայ) հրատարակուած է 1892-էն մինչեւ 1914:
Սկզբնական տարիներուն «Դրօշակ»ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը ստանձնած են յաջորդաբար Քրիստափոր, Ռոստոմ, Յոնան Դաւթեան եւ հիմնադիր սերունդի այլ ծանօթ դէմքեր: Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ Կովկասէն ստացուած ու Հ.Յ.Դ. յեղափոխական գործունէութեան վերաբերեալ թղթակցութեանց կողքին, «Դրօշակ» կեդրոնական բեմը դարձած է Դաշնակցութեան աշխարհայեացքն ու ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը զարգացնող նիւթերու: 1897-էն սկսեալ Միքայէլ Վարանդեան վարած է թերթին խմբագրութիւնը մինչեւ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան առաջին այս հանգրուանին աւարտը 1914ին, երբ Ա. Աշխարհամարտի հետեւանքով դադրած է թերթին հրատարակութիւնը:
«Դրօշակ»ի վերահրատարակութիւնը սկսած է 1925-ին, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ պատմական տարողութեամբ մեծ իրադարձութիւններէ՝ Եղեռնէն, Հայաստանի անկախացումէն ու խորհրդայնացումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան տարագրութենէն ետք: Հրատարակուած է Փարիզի մէջ, խմբագրութեամբ Սիմոն Վրացեանի եւ խմբագրական օժանդակութեամբ Շաւարշ Միսաքեանի ու Վազգէն Շուշանեանի: Մինչեւ 1933 շարունակուած եւ ապա ընդհատուած իր կանոնաւոր պարբերականութեամբ հրատարակութեան այս երկրորդ շրջանին, «Դրօշակ» կեդրոնական բեմը եղած է Հանրապետութեան տարագիր սերունդին եւ լոյս ընծայած է Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տասնամեակին վերաբերեալ քաղաքական, գաղափարախօսական եւ ազգային-վերլուծական յօդուածներ, Երկրէն թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ընկերվարութեան եւ համայնավարութեան միջեւ ծաւալած գաղափարական պայքարին առընչուող նիւթեր:
Այնուհետեւ, աւելի քան 35 տարուան ընդհատումէ մը ետք, 1969-ի Դեկտեմբերին վերսկսած է «Դրօշակ»ի հրատարկութիւնը Լիբանանի մէջ՝ այս անգամ արդէն իբրեւ շաբաթաթերթ: Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եղած է վարիչ խմբագիրը, իսկ Սարգիս Զէյթլեան՝ խմբագիրը: 1978-էն մինչեւ 1985-ի Մարտի իր առեւանգումը, խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը վարած է Սարգիս Զէյթլեան: Այս շրջանին Հ.Յ.Դ. Պաշտօնաթերթը ունեցած է զուտ ազգային-քաղաքական եւ գաղափարախօսական-տեսական շաբաթաթերթի նկարագիր:
1986-էն մինչեւ 1996, «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը տեղափոխուած է Աթէնք, Յունաստան՝ վերածուելով երկշաբաթաթերթի: 1996-ի Յուլիսին, թերթի խմբագրութիւնը վերադարձած է Լիբանան, բայց տպագրութիւնը շարունակուած է Աթէնքի մէջ: 1999 Փետրուարին, պաշտօնական գրանցում ստանալով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը փոխադրուած են Երեւան: Ներկայիս «Դրօշակ» ընթերցողին կը ներկայանայ տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով: Տպագիր` եռամսեայ պարբերականութեամբ, իբրեւ տեսական-գաղափարական հանդէս: Ելեկտրոնային` շաբաթական հրապարակումներով, հայ իրականութիւնը յուզող հարցերու վերաբերեալ առաջնորդող յօդուածներով: Խմբագիրն է Նազարէթ Պէրպէրեան, իսկ օգնական խմբագիր՝ Սամուէլ Էվոյեան:
Իր հրատարակութեան տարբեր շրջաններուն «Դրօշակ» ունեցած է նաեւ օտարալեզու (ֆրանսերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով) յաւելուածներ, ինչպէս նաեւ՝ իր անունով մատենաշար:][/«Դրօշակ»ի մասին
Հ.Յ.Դ. ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «ԴՐՕՇԱԿ»Ը

Իր հրատարակութեան տարբեր շրջաններուն «Դրօշակ» ունեցած է նաեւ օտարալեզու (ֆրանսերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով) յաւելուածներ, ինչպէս նաեւ՝ իր անունով մատենաշար:]
ESim
or
By clicking 'Sign Up!', you agree to the
Rules
and that you have read the
Privacy Policy.
In E-Sim we have a huge, living world, which is a mirror copy of the Earth.
Well, maybe not completely mirrored, because the balance of power in this virtual world looks a bit
different than in real life. In E-Sim, USA does not have to be a world superpower, It can be
efficiently
managed as a much smaller country that has entrepreneurial citizens that support it's foundation.
Everything depends on the players themselves and how they decide to shape the political map of the
game.
Work for the good of your country and
see it rise to an empire.
Activities in this game are divided into several modules.
First is the economy as a citizen in a country of your choice you must work to earn money, which you
will get to spend for example, on food or purchase of weapons which are critical for your progress
as a fighter.
You will work in either private companies which are owned by players or government companies which
are owned by the state.
After progressing in the game you will finally get the opportunity to set up your
own business and hire other players. If it prospers, we can even change it into a joint-stock
company and enter the stock market and get even more money in this way.
In E-Sim, international wars are nothing out of the ordinary.
"E-Sim is one of the most unique browser games out there"
Become an influential politician.
The second module is a politics. Just like in real life politics
in E-Sim are an extremely powerful tool that can be used for your own purposes.
From time to time there are elections in the game in which you will not only vote, but also have the ability
to run for the head of the party you're in.
You can also apply for congress, where once elected you will be given the right to vote on laws
proposed by your fellow congress members or your president and propose laws yourself.
Voting on laws is important for your country as it can shape the lives of those around you.
You can also try to become the head of a given party, and even take part in presidential
elections and decide on the shape of the foreign policy of a given state
(for example, who to declare war on).
Career in politics is obviously not easy and in order to succeed in it, you have to have
a good plan and compete for the votes of voters.
You can go bankrupt or become a rich man while playing the stock market.
The international war.
The last and probably the most important module is military.
In E-Sim, countries are constantly fighting each other for control
over territories which in return grant them access to more valuable raw materials.
For this purpose, they form alliances, they fight international wars, but they also have
to deal with, for example, uprisings in conquered countries or civil wars, which may explode on
their territory.
You can also take part in these clashes, although you are also given the opportunity to lead a life
as a pacifist
who focuses on other activities in the game (for example, running a successful newspaper or selling
products).
At the auction you can sell or buy your dream inventory.
E-Sim is a unique browser game.
Its creators ensured realistic representation of the mechanisms present
in the real world and gave all power to the players who shape the image of the virtual Earth
according to their own.
So come and join them and help your country achieve its full potential.
Invest, produce and sell - be an entrepreneur in E-Sim.
Take part in numerous events for the E-Sim community.